2011-08-29 12:37:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պատարագը <<Ռացինկերի Սաներու հետ>>։


''Աստուած իսկական կեանքի աղբիւրն է''։
25 օգոստոսէն մինչեւ կիրակի 28 օգոստոս, Գասթել Կանտոլֆոյի Մարեմեան Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ Ռացինկերի Սաներու (Ratzinger Schülerkreis) տարեկան հանդիպումը որուն կեդրոնական նիւթն էր ՜՜նոր աւետարանութիւնը՝՝ ։ Այս առթիւ կիրակի 28 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն սկիզբը՝ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Սաղմոսերգուի խօսքերը << , , . , , >>: Այս ժամանակամիջոցին ուր Աստուծոյ բացակայութիւնը կայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, երբ հոգիները չոր են եւ մարդիկը չեն գիտեր ուրկէ կը բխի կեանքի աղբիւրը, խնդրենք Տիրոջմէ որ Ան յայտնուի մեզի։ Աղօթենք որպէսզի Աստուած յայտնէ թէ ինքն է կեանքի աղբիւրը, բոլոր անոնց որ այլուր կը փնտռեն կենաց ջուրը։ Ապա Նորին սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած <<մանաւանդ երիտասարդներուն համար>> որպէսզի անոնցմէ չպակսի Աստուծոյ ծարաւը ։Ու աւաելցուց <<մենք որ Զինք կը ճանչնանք մեր երիտասարադութեան օրերէն ի վեր, պէտք է ներողութիւն խնդրենք Անկէ, քնի որ Աստուծոյ Դէմքին լոյսը չենք գիտցած լաւագոյն կերպով հաղորդել մարդոց>>։ Սուրբ եւ անմահ զոհին ընթացքին, քարոզը արտասանեց Վիէննայի Արքեպիսկոպոս՝ Քրիսթոֆ Շոնպորն որ հաստատաեց թէ <<Յիսուսի հետեւիլը կը նշանակէ կատարեալ անձնուրացութիւն որպէսզի կարենանք մտնել Աստուծոյ տեսակէտի մէջ։
Նշենք որ <<Ռացինկերի սաներու>> տարեկան այս հանդիպումները, Փրօֆ Րացինկերի ու իր նախկին աշակերտներուն հետ, սկիզբ առած են 1977-ին ու տակաւին կը շարունակուին նոյնիսկ Ռացինկերի Քահանայապետ ընտրութենէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.